2009-04-19 12:51:37

Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ապրիլ 29ին Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Գանատացի բնիկները։


Վատիկանեան տեղեկութիւններ` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ապրիլ 29ին Վատիկանի մէջ պիտի ընդունի Գանատացի բնիկները։



Գանատայի բնիկներու մէկ պատուիրակութիւնը Գանատայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու հետ միասին այցելութիւն պիտի կատարեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Յայտնենք թէ գանատացի բնիկները, տեղական կաթողիկէ եկեղեցիէն պաշտօնական ներողութիւն կը պահանջեն անցեալ դարերու ընթացքին իրենց դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն համար։ Գանատական կառավարութիւնը եւ Բողոքական Եկեղեցին պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած են բնիկներէն։



Եւրոպայի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան մարմնի ընդհանուր քարտուղարի այցելութիւնը Վատիկան։

Եւրոպայի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան մարմնի ընդհանուր քարտուղարը տիար Բեռան տը Պրիշամպօ այցելութիւն կատարած է Վատիկան։ Ս. Աթոռը յաճախ այս մարմնէն խնդրած է քրիստոնէութեան պաշտպանութիւնը Եւրոպայի հաստատութիւններու մօտ։ Եւրոպայի համագործակցութեան եւ անվտանգութեան մարմինը ներկայիս իր առաքելութիւնը կը կատարէ Մոլտավիա, Ռուսիա եւ Վրաստան։ Ս. Աթոռը յաճախ իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի տես քրիստոնեաներու դէմ կատարուած բազմաթիւ բռնի դէպքերուն եւ խտրականութիւններուն այս մարմնի անդամ պետութիւններէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.